2013-06-06 08:27:22

Գահակալութիւն
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին
Նորին Ամենապատիւ Տէրութիւն` Նուրհան Մանուկեանի
Սուրբ Յակոբայ վանքի Եկեղեցոյն մէջ


Երեքշաբթի 4 Յունիսին, յետ միջօրէի ժամը 4­ին, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբայ վանքի հնադարեան Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին տեղւոյն բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ի մէջ այլոց` Գերապայծառ Յովսէփ Ծայրագոյն Վարդապետ Քէլէկեան, Առաջնորդը Հայ Կաթողիկէ համայնքի։ այս առիթով յատուկ կերպով Երուսաղէմ ժամանած էր Արհիապատիւ Ռափայէլ Արք. Մինասեան, Հայաստանի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդը, որ նախապէս Երուսաղէմի Առաջնորդն էր եւ շատ մօտէն ծանօթ էր նորընտիր Պատրիարքին։
Ժամը ճիշտ չորսին, Ժառանգաւորաց թափօրը եկեղեցի մուտք գործեց եւ յառաջացաւ դէպի աւագ խորան, երգելով Հրաշափառը։ Ժառանգաւորներուն կը հետեւէին Սարկաւագները, Աբեղաներն ու Վարդապետաց դասը, որմէ ետք` շրջապատուած ութը եպիսկոպոսներէ, մուտք գործեց Ամենապատիւ Պատրիարքը, Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, զգեստաւորուած Սուրբ պատարագի շքեղազարդ զգեստներով։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ սաղմոսով ու շարականով եւ ապա` Գերաշնորհ Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան, լուսարարապետ եւ ընդհանուր փոխանորդ Երուսաղէմի պատրիարքութեան, ընթերցում կատարեց միաբանից հաւատարմագրին Նորընտիրին հանդէպ, որմէ ետք Պատրիարքը ծունկի եկաւ, երեսը ժողովուրդին դարձուցած, իսկ բոլոր եպիսկոպոսները հաւաքուեցան շուրջը եւ իրենց աջ ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնելով, զինք կարգեցին հանդիսաւորապէս 97­րդ Պատրիարք Երուսաղէմի Հայոց։ Ապա Նորընտիրը հանդիսաւորապէս իր ուխտը կատարեց բոլոր միաբանակիցներուն առջեւ, խղճմտանքով կատարելու իր պաշտօնը ծառայելով Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին։
Նաթան Արքեպիսկոպոս, որ ժամանած էր Հայաստանէն, կարդաց օրհնութեան գիրը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ու ապա նուիրեց Սրբապատկեր մը նորընտիրին, Վեհափառին կողմէ. Ապա Վարուժան` Եպիսկոպոս Կիպրոսի, Արամ Վեհափառի շնորհաւորական նամակը կարդաց. Հուսկ Արամ Արքեպիսկոպոս, Ընդհանուր փոխանորդ Պոլսոյ Պատրիարքութեան, շնորհաւորեց իր կարգին նորընտիր Պատրիարքը ու նուիրեց սկիհ մը։
Հուսկ նորընտիր Պատրիարքը խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայատնեց բոլոր դուրսէն ժամանած Առաջնորդներուն, որոնց մէջ կային Նյու Եորքի առաջնորդ` Խաժակ Սրբազան Պարսամեանը եւ Ուաշինկթոնի առաջնորդ` Վիգէն Սրբազան Այգազեանը, որոնք իր դասընկերներն եղած էին Սուրբ Յակոբայ Դպրեվանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայ բոլոր առաջնորդներուն ու կղերականներուն եւ ժողովուրդին, որոնց մէջ կային զանազան երկիրներու հիւպատոսները. Ապա անգլերէն լեզուով եւս արտայայտուեցաւ եւ ի մէջ այլոց նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչներուն։
Ապա դասին մէջ գտնուող կղերականները ողջագուրուեցան Պատրիարքին հետ, իսկ ժողովուրդը եւ բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան Պատրիարքարանի շքեղ սրահը, ուր շարունակուեցան շնորհաւորանքները եւ բոլոր ներկաները ճոխ քոքթէյլով մը հիւրասիրուեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.